Հայկական դեսպանատուն պիտի հիմնուի Թէլ Աւիւի մէջ

Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Իսրայէլի Պետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն ստեղծելու նախագիծին: Դեսպանութեան նստավայրը պիտի ըլլայ Թէլ Աւիւը: Որոշումը կարեւոր կը համարուի հայ-իսրայէլական երկկողմ յարաբերութիւններու կայուն զարգացումը ապահովելու առումով, կը հաղորդէ «Ամէնբրես»ը, նշելով, որ Դեսպանութեան բացումը կը նախատեսուի հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ (2019թ. վերջ, 2020թ. սկիզբ):
«Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանութիւն ստեղծելը, եւ այդպիսով երկկողմ յարաբերութիւններուն նոր զարկ տալը ուղղուած է տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի շահերը առաւել արդիւնաւէտ պաշտպանելուն: Դեսպանութիւն հիմնելը միտուած է նաեւ պետական մակարդակով ներգրաւուելու բազմադարեայ հայկական ներկայութեան, հարուստ պատմա-մշակութային ժառանգութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ՝ Սուրբ վայրերու իրաւատէր ըլլալու պահպանման»,- ըսուած է հիմնաւորման մէջ:
Արտաքին գործերու նախարար Զոհրապ Մնացականեան նշած է, որ դեսպանութեան բացումը կրնայ որոշ ժամանակ տեւել: «Ես կը խուսափիմ որոշակի ժամկէտ նշելէ, որովհետեւ այստեղ կայ միւս կողմը»,- ըսած է ան:
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իսրայէլի Պետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1992-ի Ապրիլին:
Վերջին տարիներուն զգալիօրէն աճած են հայ-իսրայէլական երկկողմ համագործակցութեան զարգացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ տարբեր մակարդակներու վրայ շփումները: