Հայկական դեղձով բեռնաւորուած շարասիւնը դուրս եկած է Լարսէն եւ կ՚ուղղուի Ռուսաստան

Վերին Լարսի անցակէտի դեղձով բեռնուած հայկական բեռնատարերու զննումը աւարտած է։
Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ ճարտարարուեստի նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Օհանեանը։
«Կը տեղեկացնենք, որ 26.08 գիշերուայ դրութեամբ Վերին Լարսի անցակէտի հայկական դեղձով բեռնուած ինքնաշարժներու զննումը աւարտած է, բեռնատարները դուրս եկած են մաքսակէտէն»,- գրած է Օհանեանը։
23 Օգոստոսին «Սպայքա» ընկերութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր, արուն մէջ մտահոգութիւն յայտած էր այն հանգամանքի կապակցութեամբ, որ դեղձով բեռնուած իր բեռնատարները կանգնած են Վերին Լարսի անցակէտը եւ վտանգ կայ, որ դեղձը կրնայ փճանալ մի քանի օրուայ ընթացքին: Ճարտարարուեստի նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Օհանեանը յայտնած էր, որ կապի մէջ են Վերին Լարսի անցակէտի գործընկերներու հետ, կ՛ընեն առաւելագոյնը, որպէսզի ստուգումները ընթանան հնարաւորինս արագ եւ այնպիսի պայմաններուն եւ ջերմային ռեժիմին մէջ, որ մթերքին վնաս չհասնի։