Հայաստան պիտի ժամանէ Սինկափուրի վարչապետը

2019-09-28
Image

Այսօր՝ 28 Սեպտեմբերին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրով պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Սինկափուրի վարչապետ Լի Սյէն Լունի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը:

Այցի շրջածիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ երկու երկիրներու վարչապետերու հանդիպումը, որմէ ետք անոնք ԶԼՄ ներկայացուցիչներու համար հանդէս պիտի գան բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփող յայտարարութիւններով:

Կը նախատեսուին նաեւ Սինկափուրի վարչապետի հանդիպումները ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ:

Սինկափուրի վարչապետ Լի Սյէն Լունը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Սինկափուրի վարչապետը 1 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի նաեւ Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին, որու ընթացքին կը նախատեսուի ԵԱՏՄ-ի եւ Սինկափուրի միջեւ Ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման համաձայնագրի ստորագրման արարողութիւնը:

Այս տարուան յոլիսին տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցը Սինկափուր։