Հայաստան կը մերժէ  սպառնալիքի գործօնը. Նախարար Մնացականեան

2020-05-05
Image

Ապրիլեան պատերազմի կրկնութիւն տեղի պիտի չունենայ, Հայաստան կտրականապէս մերժած է սպառնալիքի գործօնը ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին, Ազգային ժողովին մէջ, Մայիս 4-ին, յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեան՝ արձագանգելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար՝ Զաքիր Հասանովի նախօրէին ըրած ռազմաշունչ յայտարարութեան.- «Մենք չենք կարող ստեղծել իրավիճակ, երբ որ մեր ժողովուրդի համար անվտանգութեան համակարգը դառնում է խոցելի»:

Երկու օր առաջ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը երկրի զինուած ուժերու ղեկավարութեան հետ հանդիպման ընթացքին, յայտարարած է, թէ կտրուկ մեծցած է ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու հաւանակութիւնը, ինչ որ պայմանաւորուած է հայկական կողմի սադրիչ գործողութիւններով: Ան յանձնարարած է ուժեղացնել հետախուզութեան բոլոր տեսակները առաջնագիծին վրայ։

Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավար Մնացականեանի խօսքով` անհնար է պատկերացնել իրական առաջընթաց բանակցութիւններուն, եթէ լարուածութիւն կայ.- «Չենք հաւատում, որ հնարաւոր է իրական առաջընթաց ունենալ, երբ որ քեզ առաջարկուում է, որ հնարաւոր է մէկ ձեռքով բանակցել, միւս ձեռքով կրակել: Խստօրէն պնդում ենք` հնարաւոր չէ»: