Հայաստան. Առաւօտեան 93-ամեայ հիւանդ մահացած է «Քորոնա» ժահրէն

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ֆեյսպուքեան էջին գրած է. «Այսօր ունինք «Քորոնա» ժահրի 28 նոր դէպք՝ 311 քննութենէն:
Առողջացմամբ դուրս գրուած է 27 քաղաքացի: Բուժուածներու ընդհանուր թիւը 114 է, հիւանդանոց գտնուողներունը՝ 758: Հիւանդներու մօտ 90 տոկոսը նոյնիսկ ջերմութիւն չունի:
Ընդհանուր առմամբ զգուշաւոր լաւատեսութիւնը կը պահպանենք: Եթէ այս վիճակագրութիւնը շարունակուի, կը նշանակէ՝ «Քորոնա» ժահրի ծանր շրջանը յաղթահարած ենք եւ գագաթնակէտը եղած է 31 մարտին:
Ցաւօք, առաւօտեան ունեցանք 1 մահ. 93-ամեայ հիւանդ, որ կը տառապէր նաեւ քաղցկեղով: Ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի 8 հիւանդ»: