Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 84-ի

2020-03-18
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆեյսպուքեան ուղիղ եթերի ժամանակ յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ այս պահուն կայ «քորոնա» ժահրի ախտորոշուած 84 դէպք: Ան նշեց՝ «քորոնա» ժահրը մեզի համար կ'անցնի թեթեւ սենարով: Տարիքային առումով ռիսքային գօտիի մէջ գտնուողները լաւ են, գանգատներ չունին:

Վարչապետ Փաշինեանի տեղեկութիւններով՝ այս պահուն մեկուսացուած է 444 անձ, իսկ 799 մարդու կառավարութիւնը յորդորած է ինքնամեկուսացուիլ տուներու մէջ:

Հիւանդներու վիճակի վերաբերեալ ան նշեց՝ երկու հոգի թոքաբորբով, այս պահի դրութեամբ երկուքի վիճակն ալ լաւ է, 36,5 ու 37,3 աստիճան ջերմութիւն ունին: 26 հոգի ունին 37-էն բարձր ջերմութիւն՝ 37,1 , 37,2 եւ 37,5, ընդամէնը 6 հոգի ունին 38 եւ աւել ջերմութիւն: