Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 571-ի

2020-04-01
Image

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 39 նոր դէպք: Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: 

Հայաստանի մէջ 1 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 571 է, արձանագրուած է մահուան 3 դէպք: Հետազօտութիւններէն 2704-ը բացասական արդիւնք տուած է: Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 537 հիւանդ:

ՀՀ կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է: Արտակարգ դրութիւնը կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին 2020 թուականի 16 մարտէն, ժամը 18:30-էն սկսած մինչեւ 2020 թուականի 14 ապրիլը, ժամը 17:00-ն:

ՀՀ ամբողջ տարածքին սահմանափակուած է մարդոց ազատ տեղաշարժելու իրաւունքը:

Հայաստանի մէջ 1 ապրիլին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրէն ապաքինուած է 31 քաղաքացի: