Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 18 033-ի

Հայաստանի մէջ, 17 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 18 033 դէպք, որոնցմէ 6814 ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 818 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 87 600 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 544 նոր դէպք եւ 243 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 9 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 302):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 72, 59, 42 տարեկան տղամարդիկ եւ 64, 69, 80, 72, 67, 68 տարեկան կանայք։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
Արձանագրուած է մահուան եւս 3 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 99 է: