Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 14 669-ի

2020-06-11
Image

Հայաստանի մէջ,  11 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 14 669 դէպք, որոնցմէ 5466ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 8876 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 75 389 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 566 նոր դէպք եւ 240 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 18 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 245):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 78, 86, 71, 67, 64, 71, 67, 74, 86, 69, 58, 81, 73, 60 տարեկան տղամարդիկ եւ 76, 83, 78, 66 տարեկան կանայք։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 5 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 82 է: