Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցած է Ճափոնի նոր կայսրի գահակալութեան արարողութեան

2019-10-23
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան իր կնոջ` Նունէ Սարգսեանի հետ Ճափոնի կառավարութեան հրաւէրով Թոքիոյի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ճափոնի նոր կայսեր` Նարուհիթոյի գահակալութեան հանդիսաւոր տօնակատարութեան, կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:

Ճափոնի կայսերական պալատին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ներկայ գտնուեցան պատուիրակներ աշխարհի 183 երկիրներէ, ներառեալ` թագաւորական ընտանիքներ, պետութիւններու ու կառավարութիւններու ղեկավարներ, այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:

Ճափոն գտնուելուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Էսթոնիոյ Հանրապետութեան նախագահ Քըրսթի Քալիոլայտի եւ Սերպիոյ վարչապետ Անա Պռնապիչի հետ: