Հայաստանի մէջ 100-է աւելի վարակակիր ոստիկան կայ

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մօտ 100 ոստիկան կայ: Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ ոստիկանութեան պետ Արման Սարգսեանը:
«Ոստիկանութեան համակարգին մէջ մօտ 100 ոստիկան կայ վարակուած: Կան նաեւ մեկուսացուածներ: Անոնց վիճակը նորմալ է, ունեցած ենք դէպքեր, երբ վատ եղած են, բայց հիմա ապաքինուած են»,- ըսած է Սարգսեանը:
Հայաստանի մէջ 5 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 11 817 դէպք, որոցմէ 3513-ը՝ առողջացած: Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 183:
Կառավարութիւնը 14 մայիսին որոշում կայացուցած է ՀՀ-ի մէջ 16 մարտին յայտարարուած եւ մինչեւ 14 մայիս երկարաձգուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը 14 մայիսէն՝ ժամը 17:00-էն երկարացնել եւս 30 օրով՝ մինչեւ 13 յունիս՝ ժամը 17:00-ն ներառեալ ժամկէտով: