Հայաստանի մէջ մեծ հաւանականութեամբ դպրոցները պիտի վերաբացուին երկուշաբթի օր

Հաւանականութիւնը մեծ է, որ գալիք երկուշաբթի օրէն` 9 մարտէն, հանրապետութեան մէջ դպրոցները վերաբացուին: Կառավարութեան նիստին Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը նշեց, որ իրենք ամենօրեայ կապի մէջ են առողջապահութեան նախարարութեան հետ:
«Յատուկ ցուցումներ չունինք դասերը չշարունակելու համար, եթէ այսպէս շարունակուի, երկուշաբթի օրէն դասերն արդէն կը սկսին», - «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ, ըսած է Յարութիւնեանը։
Ընթացիկ շաբաթ «քորոնա» ժահրի կանխարգելմամբ պայմանաւորուած հանրապետութեան կրթական հաստատութիւններուն մէջ մէկշաբաթեայ արձակուրդ յայտարարուած էր: