Հայաստանի մէջ հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 1111-ի. ապաքինուած է եւս 32 քաղաքացի

2020-04-15
Image

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» Ժահրով վարակուելու 44 նոր դէպք: Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Հայաստանի մէջ 15 ապրիլի՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» Ժահրով հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1111 է, արձանագրուած է մահուան 17 (աւելցած է եւս մէկը) դէպք: Քննութիւններէն 9095-ը բացասական արդիւնք տուած են:

Հայաստանի մէջ 15 ապրիլի՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» Ժահրէն ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 32-ով եւ գումարային բուժվածներու թիւը դարձել է 297։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 797 հիւանդ: