Հայաստանի մէջ բոլորը հաւասար են օրէնքի առաջ. Նիկոլ Փաշինեան

2020-06-16
Image

Ժողովուրդի ազատ կամարտայայտման խոչընդոտելու (եւ ընդհանրապէս՝ կաշառակերութեան, չարաշահումներու, հարկեր վճարելէ խուսափելու եւ այլ) բոլոր դէպքերը պէտք է Հայաստանի օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով քննուին եւ յանգին օրէնքով նախատեսուած արդիւնքի: Այս մասին Facebook-ի իր էջին գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ տեսանիւթ հրապարակած:

«Ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, օրինականութիւնը Հայաստանի մէջ այլընտրանք չունի: Բոլորը հաւասար են օրէնքի առաջ»,-նշած է ան: