Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւն պիտի մտցուի

2020-03-16
Image

Հայաստանի կառավարութիւնն այս պահուն արտահերթ նիստի ժամանակ կը քննարկէ երկրի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին: Եթէ յայտարարուի, արտակարգ դրութիւնը պիտի գործէ մէկ ամիս՝ սկսած այսօր ժամը 17-էն:


Այս ընթացքին ըստ անհրաժեշտութեան կրնան սահմանուիլ տեղաշարժման սահմանափակումներ:

Կ'արգիլուին 20-էն աւելի մարդոց հաւաքները:
Ուսումնական հաստատութիւնները կը մնան փակ:
Հանրային սնունդի եւ զվարճանքի կառոյցները չեն գործեր: