Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուեցաւ մինչեւ 13 յուլիս

2020-06-12
Image

Կառավարութիւնը 12 յունիսի արտահերթ նիստի ժամանակ որոշում ընդունեց երկրի մէջ արտակարգ դրութեան ժամկետը եւս 30 օրով՝ մինչեւ 13 յուլիս՝ ժամը 17:00-ը ներառեալ երկարաձգելու վերաբերեալ։ 

Արտակարգ դրութիւն երկրին մէջ յայտարարուած էր 16 մարտին եւ երկարաձգուած էր մինչեւ 14 մայիս, ապա՝ 13 յունիս:

«Այն պատճառները, որոնցով արտակարգ դրութիւնը յայտարարուած էր, կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ, եւ անոնց արձագանգելու պատշաճ եւ արդիւնաւէտ մեքենականութիւն ապահովելու համար անհրաժեշտ է կրկին երկարաձգել արտակարգ դրութեան ժամկէտը»,- նշած է արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը: