Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 8927 -ի

Հայաստանի մէջ, 30 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 8927 դէպք, որոնցմէ 3317 ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5435 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 57 081 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 251 նոր դէպք եւ 20 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն այսօր արձանագրուած է 7 մահուան դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 127):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 82, 73, 70, 75, 76, 64 տարեկան տղամարդիկև 61 տարեկան կին, որոնք ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ:
Արձանագրուած է մահուան եւս 3 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 48 է: