Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 881-ի

Հայաստանի մէջ 8 ապրիլի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման եւս 28 դէպք, հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 881 է, այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱՆ Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնը։
Գրանցուած է մահուան 1 նոր դէպք:
8 Ապրիլի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրէն բուժուածներու թիւը 114 է, այսինքն՝ մէկ օրուան մէջ բուժուած է 27 մարդ (7 ապրիլի դրութեամբ բուժուածներու թիւը 87 էր), փաստացի բուժուողներինը՝ 758, բացասական քննութիւնները՝ 4571, մահուան ելքերը՝ 8: