Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 532-ի

2020-03-31
Image

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը,  31 մարտին ամփոփելով 30 մարտի տուեալները, յայտարարած է, որ կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան հաստատուած 50 նոր դէպք: 

Այս մասին Ֆեյսպուքի իր էջին տեղեկացուցած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը:

«Անոնցմէ 23-ը գտնուած է քարանթինի մէջ, 24-ը հաստատուած դէպքի հետ շփում ունեցած է: Երեք դէպքի շփման շրջանակ կը պարզուի»,- նշած է Նիկողոսեանը:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 532-ի, արձանագրուած է մահուան 3 դէպք։  Երեսուն հիւանդ ապաքինուած է։