Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 2148-ի

2020-05-01
Image

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 82 նոր դէպք:

Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Հայաստանի մէջ 1 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 2148 է, արձանագրուած է մահուան 33 (աւելցած է եւս 1-ով) դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 22 հազար 177 քննութիւն։

Ապաքինուած հիւանդներու թիւն դարձած է 977։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1136 հիւանդ:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ  մահացած իգական սեռի հիւանդը եղած է 27 տարեկան եւ ունեցած է ուղեկցող խրոնիկական հիւանդութիւններ: