Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 2066-ի

2020-04-30
Image

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 134 նոր դէպք:

Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Հայաստանի մէջ 30 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 2033 է, արձանագրուած է մահուան 32 (աւելցած է եւս 2-ով) դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 21 հազար 125 քննութիւն։

Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 29-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 929։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1103 հիւանդ:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 47 եւ 69 տարեկան եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։