Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1677 -ի

2020-04-25
Image

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 81 նոր դէպք:

Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Հայաստանի մէջ 25 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1677 է, արձանագրուած է մահուան 28 դէպք (աւելցած է եւս 1 դէպք): Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 17 հազար 342 քննութիւն։

Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 75-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 803։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 846 հիւանդ:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդը եղած է 71 տարեկան եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։