Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1523-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 50 նոր դէպք:
Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
Հայաստանի մէջ 23 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1523 է, արձանագրուած է մահուան 24 դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 15 հազար 960 քննութիւն։
Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 26-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 659։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 840 հիւանդ: