Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1473-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 72 նոր դէպք:
Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
Հայաստանի մէջ 22 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1473 է, արձանագրուած է մահուան 24 դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 14 հազար 966 քննութիւն։
Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 24-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 633։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 816 հիւանդ: