Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1159 -ի

2020-04-16
Image

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» Ժահրով վարակուելու 48 նոր դէպք: Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:


Հայաստանի մէջ 16 ապրիլի՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» Ժահրով հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1159 է, արձանագրուած է մահուան 18 (աւելցած է եւս մէկը) դէպք: Քննութիւններէն 9632--ը բացասական արդիւնք տուած են:

«Քորոնա» Ժահրէն ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 61-ով եւ գումարային բուժվածներու թիւը դարձել է 358։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 783 հիւանդ: