Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1039-ի

2020-04-13
Image

ՀՀ ԱՆ Հիւանդութիւններու վերահսկման ու կանխարգելման ազգային կեդրոնէն կը յայտնեն, որ 3 Ապրիլի ժամը 11։00-ի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման ընդհանուր 1039 դէպք (12 ապրիլի դրութեամբ՝ 1013)։

Գրանցուած է մահուան 14 դէպք։

Ունինք 211 առողջացած (12 ապրիլին՝ 197)։ Ներկայիս փաստացի բուժում կը ստանայ 814 հիւանդ։