Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասած է 136-ի

2020-03-20
Image

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «քորոնա» ժահրով վարակուելու 14 նոր  դէպք: Այս մասին նշուած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Հայաստանի մէջ, Մարտ 20-ի՝ ժամը 10:00-ի դրութեամբ, «քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը 136 է, ապաքինուածներուն թիւը՝ 1:

19 Մարտի վերջին տուեալներով՝ Հայաստանի մէջ հաստատուած դէպքերուն թիւը 122 էր։