Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 290 է, առողջացածներունը՝ 18

2020-03-26
Image

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 25 նոր դէպք: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին նշուած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Հայաստանի մէջ 26 մարտի՝ ժամը 10:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 290 է: Հետազօտութիւններէն 1440-ը բացասական արդիւնք տուած է: Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 272 անձ: