Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 52-ի

2020-03-17
Image

Հայաստանի մէջ Քորոնա ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 52-ի: Այս մասին Ֆէյսպուքի ուղիղ եթերի ժամանակ յայտնած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

«Քիչ առաջ վերջացուցինք եւս 50 քննութիւն: Այսօր ընդհանուր առմամբ կատարած ենք 105 քննութիւն եւ բացի այն թիւերէն, որ ես քիչ առաջ հրապարակեցի, կ՛ուզեմ ըսել, որ եւս 7 քննութեան արդիւնքներ դրական են»,- ըսած է ան:

Մինչ այդ Թորոսեան ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրելով` յայտնած էր, որ կայ հաստատուած 45 դէպք, մէկը առողջացած: