Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 43 781-ի

2020-08-31
Image

Հայաստանի մէջ այսօր՝ 31 օգոստոսին հաստատուած է «Քորոնա»ով վարակուած 31 նոր  դէպք։ Այսպիսով «Քորոնա»ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը հասնի 43781-ի, որոնցմէ բուժուած է 37 722 անձ։

Փաստացի, այս պահուն, կը բուժուի 4912:

Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը նշելով նաեւ, որ համավարակի սկիզբէն ի վեր Հայաստանի մահացածներուն թիւը հասած է 879-ի։ Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 2 քաղաքացի:

Ինչ կը վերաբերի այսօր առողջացածներու թիւին ապա այն  72-ն է։