Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 586-ի

Հայաստանի մէջ, 5 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 39 586 դէպք, որոնցմէ 30 850-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 7 738 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 170 012 քննութիւն:
Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 288 նոր դէպք եւ 478 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 2 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 770):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 64 տարեկան տղամարդ եւ 63 տարեկան կին։ Երկուքն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։