Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 35 254-ի

Հայաստանի մէջ, 21 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 35 254 դէպք, որոնցմէ 24 206-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 171 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 148 180 քննութիւն:
Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 273 նոր դէպք եւ 704 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 12 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 662):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 75, 64, 65, 83, 80, 63 տարեկան տղամարդիկ եւ 71, 92, 94, 85, 83, 89 տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
Արձանագրուած է մահուան եւս 6 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 215 է: