Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 30 903-ի

2020-07-10
Image

Հայաստանի մէջ, 10 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 30 903 դէպք, որոնցմէ 18 709-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 11 471 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 131 216 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 557 նոր դէպք եւ  709 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 11 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 546):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են     69 (կին), 72 (կին), 64 (կին), 86 (կին), 93 (տղամարդ), 51 (կին), 90 (տղամարդ), 60 (տղամարդ), 62 (տղամարդ), 72 (տղամարդ) եւ 85 (տղամարդ) տարեկան: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 7 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 177 է: