Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 23 247-ի

Հայաստանի մէջ, 26 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 23 247 դէպք, որոնցմէ 12 149` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 557 վարակակիր:
Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 105 046 քննութիւն:
Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 759 նոր դէպք եւ 814 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 13 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 410):
Այլ պատճառներով մահուան դէպքերու ընդհանուր թիւը` 131։