Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 22 488-ի

2020-06-25
Image

Հայաստանի մէջ,  25 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 22 488 դէպք, որոնցմէ 11 335ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 625 վարակակիր:

Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 102 736 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 771 նոր դէպք եւ  538 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 11 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 397):

Արձանագրուած է մահուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 131 է: