Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 21 006-ի

2020-06-23
Image

Հայաստանի մէջ,  23 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 21 006 դէպք, որոնցմէ 10 144ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 364 վարակակիր:

Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 98 117 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 418 նոր դէպք եւ  1013 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 12 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 372):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 70, 89, 53, 77, 59, 80, 82, 78 տարեկան տղամարդիկ եւ 73, 81, 60, 81  տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 9 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 126 է: