Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 20 588-ի

2020-06-22
Image

Հայաստանի մէջ,  22 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 20 588 դէպք, որոնցմէ 9131ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 980 վարակակիր:

Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 96 843 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 320 նոր դէպք եւ  129 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 10 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 360):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 83, 81, 70, 53, 84 տարեկան տղամարդիկ եւ 71, 84, 62, 60 տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 3 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 117 է: