Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 13 675-ի

Հայաստանի մէջ, 9 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 13 675 դէպք, որոնցմէ 4451ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 8933 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 71 405 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 350 նոր դէպք եւ 352 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 6 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 217):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 61, 46, 59, 79 տարեկան տղամարդիկ եւ 83, 75 տարեկան կանայք։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
Արձանագրուած է մահուան եւս 2 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 74 է: