Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 13 325-ի

2020-06-08
Image

Հայաստանի մէջ, 8 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 13 325 դէպք, որոնցմէ 4099ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 8943 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 70 000 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 195 նոր դէպք եւ 85 առողջացած։

ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի տարրալուծարանին մէջ, որ կ'իրանացնէ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան քննութիւններու հիմնական ծաւալը, 7 յունիսն իրականացուած են ախտահանման աշխատանքներ։ Ատով պայմանաւորուած՝ 8 յունիսի հետազօտութեան արդիւնքները աւելի քիչ եղած են։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 11 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 211):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 61, 65, 80, 87, 88 տարեկան տղամարդիկ եւ 64, 70, 63, 88, 79, 52 տարեկան կանայք։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Այլ պատճառներով մահուան ելքներու ընդհանուր թիւը 72 է: