Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 12 364-ի

2020-06-06
Image

Հայաստանի մէջ, 6 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 12 364 դէպք, որոնցմէ 3720ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 8385 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 66 674 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 547 նոր դէպք եւ 207 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 7 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 190):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 70 (կին), 92 (կին), 82 (կին), 62 (տղամարդ), 82 (տղամարդ), 66 (տղամարդ), 56 (կին) տարեկան։ Բացի վերջինէն մնացած բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Այլ պատճառներով մահուան ելքներու ընդհանուր թիւը 69 է: