Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի 11 նոր դէպք գրանցուած է

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի 11 նոր դէպք գրանցուած է: Այս մասին Ֆեյսպուքի իր էջին ուղիղ հեռարձակմամբ 6 ապրիլին տեղեկացուցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Կատարուած է 263 քննութիւն, որմէ ընդամէնը 11-ը եղած է դրական պատասխանով: Սա աննախադէպ ցուցանիշ է վերջին շաբաթներու համար: Սա կը նշանակէ, որ միջոցառումները, որոնք բազմաթիւ անյարմարութիւններ կը պատճառեն, սկսած են դրական արդիւնք տալ: Առաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին աւելի խստօրէն պէտք է պահել պարէտի սահմանափակումները: Այդ պարագային, հաւանականութիւնը կը մեծնայ, որ երկուշաբթի օրէն սկսինք մտածել ռեժիմներու թուլացման մասին: Կը կրկնեմ, որ առաջիկայ շաբաթն աւելի նախանձախնդիր պէտք է փորձենք պահել եղած սահամանափակումները: Այսօրվան տուեալները մեզ կը յուսադրեն, ի հարկէ, վաղուան թիւերը նոյնպէս պէտք է վերլուծենք»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:
Ան տեղեկացուցած է, նաեւ, որ գրանցուած է եւս մէկ մահուան դէպք: Մահացած է 68 տարեկան քաղաքացի երկկողմանի թոքաբորբով: Վարչապետի խօսքով, ենթադրաբար անոր մահը «Քորոնա» ժահրի հետեւանք է: Քաղաքացին ունեցած է ուղեկցող հիւանդութիւններ:
Հայաստանի մէջ հաստատուած դէպքերու թիւն այսպիսով հասաւ 833-ի, 57 մարդ ապաքինուած է, ութ մարդ մահացած։