Հայաստանի մէջ. «Քորոնա»ով վարակուածներու թիւը հասաւ 115 -ի

Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներու թիւը հասաւ 115-ի: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդծ է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ ՝ Ալինա Նիկողոսեանը։
Նիկողոսեան նաեւ նկատել տուած է, որ բոլոր վարակակիրներու առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» վարակի առաջին պարագան յայտնաբերուած էր 1 մարտին եւ այդ մասին յայտարարութիւնը կատարած էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։