Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ի վարակը կանխարգիլելու բոլոր միջոցները առնուած են

2020-02-27
Image

Կառավարութեան այսօրուան նիստին մինչ օրակարգային հարցերուն անցնիլը անդրադարձ կատարուած է «քորոնա» ժահրի կանխարգելման աշխատանքներուն։

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը նախ մանրամասներ ներկայացուց աշխարհի եւ տարածաշրջանի մէջ ժահրի տարածման վերաբերեալ եւ նշեց, որ այսօր զրուցած է Վրաստանի գործընկերոջ հետ: Վերջինս տեղեկացուցած է, որ երկրին մէջ յայտնաբերուած «քորոնա» ժահրի վարակման մէկ դէպքը բերովի է, այսինքն՝ այլ երկրի քաղաքացի եկած է Վրաստան՝ արդէն իսկ վարակուած: «Ան եւ անոր հետ շփուած 4 անձինք մեկուսացուած են»,-ըսած է Թորոսեանը:  

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները կը ձեռնարկուին, եւ Հայաստանը կ'ապրի իր բնականոն կեանքով։ «Հանրութիւնը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ եթէ ինչ-որ անհանգստացնող տեղեկութիւն ըլլայ, այն պիտի հանրայնացուի», -ըսած է Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ Զինուած ուժերու մէջ նոյնպէս կանխարգելման լուրջ միջոցառումներ ձեռնարկուած են եւ զինծառայողներու ծնողներուն ու հարազատներուն յորդորեց ըմբռնմամբ մօտենալ:

 «ՀՀ քաղաքացիները պէտք է համոզուած ըլլան, որ կը բացառուի ինչ-որ բան թաքցնելու դէպք, ես գիտեմ, որ նման պարագաներուն խուճապ տարածողները կը շատնան, բացառուած է, որ ըլլայ դէպք, եւ կառավարութիւնը թաքցնէ այդ տեղեկութիւնը հանրութենէն», - ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ յորդորելով քաղաքացիներուն ապրիլ  բնականոն կեանքով, քանի որ այս պահուն որեւէ անհանգստացնող բան չունինք:

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանն ալ ըսած է, որ յատուկ քարտեր կը լրացուին այն անձանց համար, որոնք վեանգաւոր երկիրներէ կը գործուղուին Հայաստան։

«Եթէ, այնուամենայնիւ, ժահրը թափանցէ Հայաստան, կանխարգելիչ բոլոր միջոցառումները ձեռնարկուած են, անգամ աւելի լաւ, քան շատ զարգացած երկիրներու մէջ», - վստահեցուցած է փոխվարչապետը։