Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ի վարակէն նոր զոհ. Մահացողը 72 տարեկան էր

2020-04-10
Image

«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնին մէջ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան պատճառով մահացած է 72-ամեայ քաղաքացի․ ան ունեցած է նաեւ ուղեկցող քրոնիկ հիւանդութիւններ։


«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին գրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը։


«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնի մէջ արձանագրուած է մահուան դէպք։ 72-ամեայ հիւանդն ունեցած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւն, հաստատուած երկկողմանի թոքաբորբ։ Բացի այդ, տղամարդն ունեցած է ուղեկցող քրոնիկ հիւանդութիւններ՝ զարկերակային գերճնշում, շագանակագեղձի գեղձուռ։