Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ի դէմ պայքարը կը մտնէ նոր փուլ. Կը փակուին սրճարանները

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու միջոցառումներով պայմանաւորուած՝ 24 մարտէն մէկ շաբաթով պիտի դադրեցուի սրճարաններու, ճաշարաններու, որոշ շինարարական աշխատանքներու եւ շարք մը ձեռնարկութիւններու գործունեութիւնը: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջի ուղիղ եթերի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Մեզի անհրաժեշտ է որոշակի աւելի խիստ սահմանափակումներ մտցնել եւ աւելի խիստ ձեւով մօտենալ արգելքներուն: Վաղուընէ պիտի արգիլուին բոլոր տեսակի ճաշարաններու եւ սրճարաններու գործունէութիւնը, բացառութիւն կ'ընենք առաքման ծառայութիւններու համար: Որոշակի շինարարական աշխատանքներ կը դադրին: Կը դադրի նաեւ կարի արտադրական ձեռնարկութիւններու, թեթեւ արդիւնաբերութեան շարք մը ճիւղերու գործունէութիւնը»,- ըսած է Փաշինեանը:
Վարչապետը նշած է, որ պիտի շարունակուի սնունդի արտադրութիւնը, մթերային խանութները պիտի աշխատին սովորական ռեժիմով, իսկ Պարէտատունը պիտի հրապարակէ թոյլատրելի գործունէութեան ցուցակը:
Նիկոլ Փաշինեանը քաղաքացիները յորդորեց հնարաւորինս սահմանափակել տեղաշարժը եւ տունէն դուրս գալ միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային: