Հայաստանի կառավարութիւնը հանրաքուէի կազմակերպման համար մօտ 3,5 միլիառ դրամ յատկացուց

2020-02-21
Image

Կառավարութիւնը պահուստային ֆոնտէն մօտ 3,5 միլիառ դրամ յատկացուց Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն կազմակերպելու համար։

Փաշինեանը շահարկում-քննարկումներ կանխատեսելով, պնդեց՝ զանոնք տեղին չեն։ Սահմանադրական փոփոխութիւններու սպասուող հանրաքուէն Հրայր Թովմասեանի եւ Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) վեց անդամներու պաշտօնավարումը դադրեցնելուն կը վերաբերի, փողն ալ ատոր յատկացուած է, բայց վարչապետը ծախսի տնտեսական օգուտներուն մասին խօսեցաւ։

«Ծախսուող գումարն ի վերջոյ ներհոսելու է տնտեսութիւն, որովհետեւ էդ գումարով տնտեսական գործարքներ են ի վերջոյ տեղի ունենալու, եւ երկրորդը՝ ժողովրդի ազատ կամարտայայտութիւնը ապահովելու համար, այո, պէտք է ծախսուեն գումարներ։ Այնպէս որ, այստեղ քննարկումները եւ շահարկումները տեղին չեն», - ըսած է վարչապետը։