Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու համատեղ յայտարարութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները միացեալ յայտարարութիւն մը ընդունած են: «Արմէնրես»-ի փոխանցումով` այս մասին ըսուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
21 ապրիլին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետիարովի առցանց հանդիպումը` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնդրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ:
Մասնակիցները քննարկեցին շրջանին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակը` ընդգծելով, որ այս նոր մարտահրաւէրին կ’առերեսուին շրջանի բոլոր ժողովուրդները` անկախ քաղաքական սահմաններէն: Անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն:
«Քորոնա» ժահրին դէմ մղուող համաշխարհային պայքարի ծիրին մէջ յատկապէս ընդգծուեցաւ զինադադարի դրութեան անվերապահ պահպանման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութիւնը: Այս առումով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կարեւոր նկատեցին իրենց յայտարարութիւնը եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարի համաշխարհային զինադադարի վերաբերեալ կոչը: