Հայաստանը փակած է 80-ականներու զէնքերու ամօթալի էջը

2020-01-27
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը փակուած կը համարէ 80-ականներու զէնքերու ամօթալի էջը, որովհետեւ Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ ձեռքբերուած սպառազինութիւնը կամ 2019 թուականի արտադրութեան է, կամ չօգտագործուած:

«Արմենբրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին 25 յունուարին Կապանի մէջ հրաւիրուած մամուլի ասուլիսին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` 3-րդ անգամ ներկայացնելով 100 փաստ Նոր Հայաստանի մասին:

«2020-ի պիէտճէին մէջ Պաշտպանութեան նախարարութեան յատկացուած է 307 միլիառ դրամ, որ 2018-ի փաստացի ցուցանիշը կը գերազանցէ 28 տոկոսով կամ 66 միլիառ դրամով, իսկ 2017-ի փաստացիի համեմատ աւելի մօտ է 4,5 տոկոսով: 2018-ի մայիսէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը ձեռք բերած է տեսանելի ժամանակահատուածի համեմատ աննախադէպ քանակի զէնք-զինամթերք՝ «ՍՈՒ-30ՍՄ» բազմագործառոյթային օդանաւեր, «ՏՈՐ-Մ2ԿՄ» եւ «Օսա-ԱԿ» հակաօդային պաշտպանութեան համալիրներ: Զինուած ուժերը համալրուած են հրետանային միջոցներով, զենիթային կայանքներով, հրաձգային զէնքերով, զինամթերքով, 310 միաւոր ինքնաշարժային սարքերով: Իրականացուած են տարբեր տեսակի սպառազինութեան նմուշներու փորձարկումներ: ՀՀ Կառավարութիւնը փակած է 80-ականներու զէնքերու ամօթալի էջը, որովհետեւ ձեռքբերուած սպառազինութիւնը կամ 2019 թուականի արտադրութեան է, կամ չօգտագործուած»,- ըսած է վարչապետը: