Հայաստանը կրնայ դառնալ ելեկտրական ջերմուժի տարածաշրջանային հանգոյց. Փաշինեան

2019-10-01
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համոզմամբ` Հայաստանը կրնայ դառնալ  ելեկտրական ջերմուժի տարածաշրջանային հանգոյց, որ կը միաւորէ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Իրանի ելեկտրական ջերմուժի համակարգի ընդհանուր շուկան: Վարչապետը այս տեսակէտը յայտնած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «Եւրասիական աշխարահամասի տարանցիկ ներուժը» խորագրով երկօրեայ միջազգային  համաժողովին իր բացման խօսքին մէջ:

 

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ելնելով իր աշխարհագրական առանձնայատկութիւններից,պատրաստ է բոլոր ջանքերը գործադրել՝ նոր շուկաների հասանելիութիւնը, ինչպէս նաեւանհրաժեշտ ենթակառուցուածքները ապահովելու համար՝ մօտ ապագայումբեռնափոխադրումների եւ ուղեւորափոխադրումների անխուսափելի բարձրացման ծիրում:

Փոխադրութեան ոլորտում տարանցիկ ներուժը օգտագործելուց զատ Հայաստանը կարող է դառնալնաեւ տարածաշրջանային ելեկտրական ջերմուժի հանգոյց, որը կը միաւորի Եւրասիականտնտեսական միութեան եւ Իրանի ելեկտրաուժի համակարգի ընդհանուր ելեկտրական ուժանիւթիշուկան»,-ըսած է Փաշինեանն ու համոզուածութիւն յայտնած , որ այս համաժողովի նմանհարթակները, կարծիքներու փոխանակումը լրացուցիչ խթան կը հաղորդեն համագործակցութեանամրապնդման նաեւ ԵԱՏՄ սահմաններէն դուրս:

 

Վարչապետի կարծիքով` համաժողովը լաւ հարթակ է առեւտրատնտեսական կապերու ամրապնդման ճանապարհներու եւ եւրասիական տարածքին մէջ փոխադրման  հարցերու ճարտարապետութեան հաստատման վերաբերեալ տեսակէտներու փոխանակման  համար: Փաշինեանը յոյս յայտնած է, որ քննարկումներու արդիւնքներով պիտի կարողանան աւելի լաւգնահատել առկայ հնարաւորութիւնները եւ յստակացնել արգելքները յաղթահարելու մեխանիզմները:

 

Վարչապետը շեշտած է նաեւ, որ ԵԱՏՄ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութեան ընթացքին առաւելագոյն ջանքեր գործադրած են ընդելուզման դրական ընթացքի յետագայ ապահովման ինչպէս նաեւ այն խնդիրներու լուծման համար, որոնք կարող են լրացուցիչ խթան հանդիսանալերկիրներու մէջ տնտեսական աճի համար:

 

Վարչապետը նկատած է նաեւ, որ պատմականօրէն Եւրասիա մայրցամաքը եղած է առեւտուրի, տնտեսական, մշակութային, հաղորդակցական գործընթացներու խճանկար, որուն մէջ քիչ կարեւոր դեր չէ խաղցած նաեւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ առեւտրային հաղորդակցութեան կեդրոն՝ Մետաքսի մեծ ճանապարհին գտնուող Հայաստանը: Ան նշած է` Հայաստանի հնագոյն մայրաքաղաքներէն մէկու՝ Արտաշատի վերելքը, որ յայտնի էր որպէս «Հայաստանի Կարթագեն» եւ բազմադարեայ մայրաքաղաք Անին, որ յայտնի եղած է իր հիանալի ճարտարապետական կոթողներով. այն պայմանաւորուած էր նաեւ անով, որ անոնք կը գտնուին Մետաքսի ճանապարհի վրայ: