Հայաստանը կը շարունակէ մնալ բարձր տնտեսական աճի տիրոյթի մէջ. Վարչապետ

2019-09-27
Image

«2019-ի Օգոստոսին նախորդ տարուայ Օգոստոսին նկատմամբ ունեցած ենք 7,6 տոկոս տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշ, ինչը կը նշանակէ՝ Հայաստանը կը շարունակէ մնալ բարձր տնտեսական աճի տիրոյթին մէջ», - Ֆէյսպուքի իր էջին գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Օգոստոսի արդիւնքներով՝ 2019 թուականի տարեկան ցուցանիշները հետեւեալն են. տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշ՝ 7 տոկոս, արդիւնաբերութեան աճ՝ 9,5 տոկոս, շինարարութեան աճ՝ 4,4 տոկոս, առեւտուրի շրջանառութեան աճ՝ 9 տոկոս, ծառայութիւններու աճ՝ 15,5 տոկոս, միջին ամսական աշխատավարձի աճ՝ 5,7 տոկոս, արտահանման աճ՝ 4,6 տոկոս», - մանրամասնած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ «Օգոստոսին ոչ միայն գնաճ չենք ունեցած, այլեւ արձանագրուած է որոշակի գնանկում»: «Ընդհանուր առմամբ Հայաստանը կը շարունակէ գտնուիլ ցած գնաճային ցուցանիշներու տիրոյթին մէջ», - ընդգծած է Փաշինեանը:

«Ասոնք բաւականին լաւ ցուցանիշներ են եւ բոլորս պէտք է քաջալերեն՝ աւելի լաւ աշխատանքի», - ամփոփած է վարչապետը: